2016-07-26 08:48:00

Քրաքովիա` Ողորմութեան քաղաքէն պատգամ երիտասրադներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 24 ժամէն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի ժամանէ Քրաքովիա սկիզբ տալու եւ մասնակցելու Երիտասարդութեան Համաշխարհային 31-րդ հաւաքին։

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ շրջաններէ բազմահազար երիտասարդներ արդեն ժամանեցին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երբեմնի թեմ եւ Սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի քաղաք` Քրաքովիա։

Քրաքովիայի փոքրիկ քաղաքը չի նմանիր անշուշտ անցեալ տարիներուն ԵՀՕ հիւրընկալող ալ քաղաքներուն ինչպէս են Ռիօ Տէ Ժանէյրոն  Հռոմը կամ Պուէնոս Այրէսը, բայց եւ այնպէս ԵՀՕ կազմակերպիչ յանձնախումբը աշխուժութեամբ կ՛աշխատի լաւագոյնս յաջողեցնելու այս պատմական օրերը որոնք կը զուգադիպին երիտասարդներու ողորմութեան յոբելեանին։

Քրաքովիան միւս կողմէն նկատուած է Աստուածային Ողորմութեան համաշխարհային կեդրոն ուր կը գտնուի նաեւ Աստուածային ողորմութեան սրբավայրը որուն մէջ պահպանուած է Յիսուսին կամքով Քոյր Քովալսքայի միջոցաւ գծագրուած  Աստուածային Ողորմութեան Սրբանկարը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ այդ վայրէն ներշնչուելով է որ 18 ապրիլ 1993-ին. Սրբուհի Ֆաութինա Քովալսքայի երանացման արարողութեան առթիւ հաստատեց որ Աստուածային Ողորմութեան ծիսական տօնը նշուի ամէն տարի Սուրբ Զատիկը յաջորդող կիրակին, այնպէս ինչպէս գրած էր Քոյր Ֆաուսթինա Քովալսքան իր Յիսուսի հետ ունեցած վերացական հանդիպումներու մասին արձանագրած ձեռագիր տետրակին մէջ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ   Քահանայապետը  30 Նոյեմբեր 1980-ին հրատարակեց նաեւ ''Dives in Misericordia'' յորդորագիրը եւ 2000-ի յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս ուզեց որ Աստուածային Ողորմութիւնը ըլլայ Յոբելենական տարւոյն կեդրոնը. Այս առընչութեամբ ան գրած էր ''20-րդ դարու աւարտին, կը թուի թէ աշխարհը կարիքը ունի այդ պատգամին։ Տարէք զայն նոր ժամանակներուն մէջ որպէս սերմ յոյսի եւ փրկութեան գրաւական''։

''Ի տես վերջին շրջանին Եւրոպայի մէջ պատահած ահաբեկչութիւններուն եւ բռնութիւններուն կը յուսանք որ Քրաքովիան ըլլայ այս ամէնուն պատասխանը. Այնտեղ ուր բռնութիւն կայ, կայ նաեւ ողորմութիւն'' յայտնած է Հայր Կրէկորիօ Սուչոդոլսկի` ԵՀՕ կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարը հաստատելով թէ երիտասարդներուն կ՛ուզենք փոխանցել այն պատգամը թէ աշխարհը չէ կազմուած մարդոց կողմէ, այլ Աստուծոյ սիրով, որ մեր վրայ կը զեղու Ողորմած Յիսուս Քրիստոսի պարգեւի միջոցաւ''։

''Մեր փափաքն է որ Երիտասարդները որ այստեղ պիտի գան ու պիտի հանդիպին Յիսուսի ողորմած հայեացքին, Սուրբ Թովմասի նման դպչին Անոր վէրքերուն` որպէսզի իրենց կեանքը փրկեն ու գտնեն իրենց ներքին խաղաղութիւնը'' ըսած է միշտ ԵՀՕ կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարը հաստատելով թէ ''Ահա այս է ԵՀՕ պատգամը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.